ՄՏԱՎՈՐԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑ ԸՆԿԵՐ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ ՀԱՅՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՐԱՏԻՆ ՆՄԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՅԱՒԵՐԺ
ՀԱՅՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՐԱՏԻՆ ՆՄԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՅԱՒԵՐԺ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը իր 11 սեպտեմբեր 2025-ի նիստին, կանաչ լոյս տուաւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններու ներկայացուցած նախագիծին՝ 1 նոյեմբեր 2025-էն սկսեալ, ՀՀ մուտքի եւ ելքի կնիքի վրայէն պիտի հեռացուի Արարատ լերան պատկերը։ փոփոխութիւնը Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնները խորհրդանշական այս փոփոխութիւնը կ՛արդարացնեն կնիքին վրայ «ներքին հակասութիւններ, խմբագրական թերութիւններ»ու առկայութեամբ, որոնք անհրաժեշտ էր վերացնել..:
Սակայն երկայացուցած է նոր կնիքի նմոյշներուն մէջ, հիմնական փոփոխութիւնը Արարատ լերան բացակայութիւնն է:
Արարատ լեդռը եղած է հայ ժողովուրդի հպարտութեան, պայքարի, գոյութեան, ազային ինքնութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշը։ Արարատը հազարամեակներ շարունակ ոգեշնչած է արուեստագէտներ, բանաստեղծներ եւ պատմաբաններ: Դարերու ընդմէջէն դարձած է
Արարատը մեր պատմութեան վկայութիւնն է: Մեր երազանքներու եւ հայու ինքնութեան վկան։
Արարատի հեռացումը կնիքին վրայէն պիտի ունենայ յատկանշական եւ հոգեբանական խոր հետեւանքներ ։
ժողովուրդներու պատմութիւնը եւ մշակոյթը լեռներու նման է՝ ամուր ու անշարժ:Նոյնիսկ եթէ կնիքին վրայէն հեռացուի Արարատի, անոր խորհուրդը, ոգին՝ դրոշմուած պիտի մնայ մեր մէջ։
Արարատը մեր ներաշխարհի ամրոցն է, մեր պատմութեան, մեր հերոսութեան եւ մեր երազանքներու անբաժանելի խորհրդանիշը։
Արարատը միշտ պիտի մնայ հայու սրտին ջերմութիւն: Հայու ոգեկոչման անվերջ խորհրդանիշ։ Նոյնիսկ եթէ փոխեն կնիքը, հայու ոգին, հայու պահանջատիրութիւնը Արարատի նման պիտի մնայ անխախտ եւ յաւերժ։